2014-08-26 08:52:29

Սպասելով զինադադարի շուրջ համաձայնութեան գոյացման` Կազայի մէջ բախումները կը շարունակուին։


Պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները երէկ Գահիրէի մէջ շարունակեցին զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցիլ: Եգիպտական աղբիւր մը երէկ գիշեր իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքին յայտնեց. «Այս գիշեր զինադադարի յայտարարութեան կը մօտենանք»:
Մինչ այդ, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին ծիրին մէջ իսրայէլեան ռմբաձիգներ երէկ ռմբակոծեցին Ռաֆահի ցամաքային անցքին շրջանը եւ մեծ վնասներ պատճառեցին: Իսրայէլեան ռմբաձիգները նաեւ քանդեցին Զէյթուն թաղամասին մէջ գտնուող Ալի պըն Ապի Թալեպ մզկիթը:
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր կարգին հակադարձեց իսրայէլեան յարձակումներուն` հրթիռակոծելով Իսրայէլի խորքը: Հրթիռակոծուեցան Երուսաղէմը, Տեմոնան, Պեն Կորիոն օդակայանը եւ շարք մը բնակեցման վայրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.